2016-02-17 09:37:00

Ռուսիայէն մարդասիրական օժանդակութիւն` Քեսապի բնակիչներուն


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քեսապի բնակիչները մարդասիրական օժանդակութիւն ստացած են Ռուսիայէն: Հինգշաբթի, 12 փետրուարի առաւօտեան Ռուսիոյ օդուժի Սուրիոյ քաղաքացիներուն համար շուրջ 50 թոն մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած երկու «Իլ-76» ռազմափոխադրական օդանաւեր հասած են Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժի «Խմէյմիմ» ռազմակայան: Օժանդակութիւնը նախատեսուած է Սուրիոյ շրջաններու եւ քաղաքներու բնակիչներուն:

Բացի պարէնէն եւ դեղորայքէն, օդանաւերը բերած են նաեւ հագուստ, դպրոցական իրեր, ինչպէս նաեւ նուէրներ երեխաներու համար` քաղցրեղէն եւ խաղալիքներ:

Լաթաքիոյ նահանգապետ Իպրահիմ Խըտր Սալեմ յայտնած է, որ ռուսական մարդասիրական օժանդակութեան մէկ մասը արդէն ուղարկուած է շրջափակուած Տէր Զօր քաղաք, իսկ մնացեալ մասը բաժնուած է սուրիական քաղաքներուն, ներառեալ` Քեսապին:

«Ժամանակին զբօսաշրջիկներու մօտ ժողովրդականութիւն վայելող սահմանային այս քաղաքը յայտնուեցաւ զինեալներու ձեռքը: Այսօր ամէն ինչ այլ է, եւ մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ռուսիոյ այն աջակցութեան համար, որ կը ցուցաբերուի մեր ժողովուրդին: Մենք երբեք պիտի չմոռնանք այն սկզբունքային դիրքորոշումը, որ Ռուսիան որդեգրած է ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի հարցին մէջ», ըսած է նահանգապետը:

«Այն ժամանակաշրջանը, երբ քաղաքը կը գտնուէր զինեալներու ձեռքին մէջ, իսկական դժոխք էր մեզի համար», լրագրողներուն պատմած է Իպրահիմ անունով հոգեւորական մը: Ըստ անոր, ահաբեկիչները աւերած են առնուազն 14 եկեղեցի: «Այժմ անոնք աշխուժօրէն կը վերանորոգուին: Ատիկա կարելի դարձաւ Ռուսիոյ շնորհիւ», աւելցուցած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.